image

Համազգայինի հովանաւորութեամբ՝ «Արցախ․ Վտանգուած Ժառանգութիւն» գիրքի շնորհահանդէս Նիւ Ճըրզիի մէջ

Համազգայինի հովանաւորութեամբ՝ «Արցախ․ Վտանգուած Ժառանգութիւն» գիրքի շնորհահանդէս Նիւ Ճըրզիի մէջ

Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան պահպանման կոչը նոր հնչեղութիւն ստացաւ Նիւ Ճըրզիի մէջ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկով մը։
Համազգայինի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած շնորհահանդէսը մէկտեղեց մտաւորականներ, եկեղեցականներ եւ մշակութասէր հայորդիներ՝ արժեւորելու հայկական պատմական յիշողութիւնը։
Ձեռնարկին կեդրոնը կը գտնուէր Րաֆֆի Քորթոշեանի «Արցախ․ Վտանգուած Ժառանգութիւն» գիրքը, որ փաստագրական արժէքաւոր աշխատութիւն մըն է։

Երեքշաբթի, 28 Ապրիլին, Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը Սէնթ Մէթիըզ Եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ մէջ, Փարամըս քաղաքին մէջ, կազմակերպեց Րաֆֆի Քորթոշեանի նոր լոյս տեսած «Արցախ․ Վտանգուած Ժառանգութիւն» գիրքին շնորհահանդէսը։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Արժ. Տ. Վաչէ Պալըքճեան, Ռիչֆիլտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւը, Արժ. Տ. Մեսրոպ  աւ. Քհնյ. Լագիսեան, Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիկ. Արեւիկ Գաբրիէլեան եւ Համազգայինի զանազան մասնաճիւղերու անդամներ։

Հայաստանէն ժամանած Րաֆֆի Քորթոշեան՝ ճարտարապետ-ճարտագէտ, հայագէտ եւ Հայկական Ճարտարապետութեան Հետազօտութեան հիմնադրամի համաղեկավարներէն մէկը, իր աշխատանքներով կը զբաղի հայկական պատմական յուշարձաններու փաստագրութեամբ, պահպանութեամբ եւ անոնց ոչնչացման դէմ իրազեկութեան տարածումով։

«Արցախ․ Վտանգուած Ժառանգութիւն» հատորը, որ լայն ուսումնասիրութիւններու եւ լուսանկարներու արդիւնք է, կը ներկայացնէ Արցախի հարուստ, բայց վտանգուած հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։ Նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած է Համազգայինին կողմէ՝ մշակութային պահպանման կառոյցներու համագործակցութեամբ։

Երեկոն բացուեցաւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի ատենապետուհի Տիկ. Ֆլորա Քէօշկէրեանի ողջոյնի խօսքով, որ ներկայացուց հեղինակը եւ անոր գիրքը։ Ան նաեւ նշեց, թէ Տ. Մեսրոպ  աւ. Քահանան  գիրքի առաջին հատորին հովանաւորներէն մին  էր։

Շնորհահանդէսէն ետք, Հայր Վաչէն եւ Տէր Մեսրոպը կատարեցին նոր հրատարակուած գիրքերու   գինեձօնի արարողութիւնը։ Ձեռնարկը աւարտեցաւ Հայր Վաչէի եզրափակիչ խօսքով։