image

Դիտորդներու դերին մասին դրական գնահատական

Դիտորդներու դերին մասին դրական գնահատական

Եւրոմիութիւնը լիայոյս է, որ դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը կարեւոր քայլ է եւ հնարաւորութիւն պիտի տայ նուազեցնելու լարուածութիւնը սահմանին. յայտարարած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավարը. գրած է 1lurer.am-ը։

Դեսպանը կարեւոր համարած է Հայաստանի իշխանութեան գործակցութիւնը եւ անհրաժեշտ աջակցութիւնը ԵՄ տեխնիկական գնահատման առաքելութեան։

Անտրէա Վիքթորին (Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար) - Հայաստանի իշխանութիւնները ոչ միայն ողջունեցին դիտորդական առաքելութեան ժամանումը, այլեւ անհրաժեշտ աջակցութիւն կը տրամադրեն գործունէութիւնը իրականացնելու համար։ Այնպէս որ, աշխատանքը սկսած է։

Դիտորդներու գործունէութեան նպատակն է զեկոյցներ ներկայացնել գլխամասեր։ ԵՄ-ի կողմէ դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը եւս կարեւոր քայլ է։ Մենք լիայոյս ենք, որ սա հնարաւորութիւն կու տայ թուլացնելու լարուածութիւնը սահմաններուն, կ'իրականացնէ վստահութեան զարգացման գործառոյթներ, որոնք հետագային աւելի սահուն պիտի դարձնեն խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման գործընթացը: