ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը ամէնօրեայ ճեպազրոյցներու ընթացքին անդրադարձած է Փրակի մէջ Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի հանդիպման։
ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, որ կ'ողջունեն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի ջանքերը՝ համապարփակ խաղաղութեան գործընթացին նոր ազդակ հաղորդելու հարցով։
«Մենք յատկապէս կ'ողջունենք տարածաշրջանին մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան հարցով առաջընթացը, այն կրնայ ամրապնդել կողմերու միջեւ վստահութիւնն ու կը շարունակէ խթանել բանակցութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»,-ըսած է ներկայացուցիչը։