Ստորեւ մեր ընթերցողներուն հետ կը բաժնեկցինք Ռուս յայտնի գործիչ եւ Ռուսական գաղտնի սպասարկութեանց անուանի փորձագէտ Իկոր Տրականովի կողմէ վերջերս հնչեցուած յայտարարութիւններով։ Կարեւոր հարցումը անշուշտ, որ կրնայ այս «ցնցիչ» լուրը կարդալէն յետոյ ծագիլ, որ ինչո՞ւ մինչեւ այս ժամանակները Ռուսական ծառայութիւնները կամ որեւէ այլ մարմիններ, լուռ մնացի Պէյրութի աղէտալի պայթումին իրական պատճառներուն մասին։ Հարցումը բնաւ չի միտիր որեւէ կերպ խոցելի դարձնել հնչեցուած վարկածները, պայմանաւ անշուշտ, որ աղէտալի պայթումին թղթածրարը ամբողջութեամբ բացուի ու այդ մասին ալ յստակ կեցուածք արտայայտեն «Լիբանանեան թղթածրար»ին հետ հեռուէն կամ մօտէն կապ ունեցող կարեւոր կողմեր։
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը մինչեւ օրս առեղծուած կը մնայ եւ ենթակայ է քննարկումներու ու հետազօտութեան:
Օրերս ցնցիչ յայտարարութիւն մը ըրած է ռուսական հետախուզութեան նախկին պատասխանատուներէն , զօրավար՝ Իկոր Տրականով, ռուսական «Իզվեսթիա» թերթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։ Ռուս զինուորականը մասնաւորապէս ան ըսած է,-«Ես կը հաստատեմ, որ Պէյրութի նաւահանգիստը պայթեցուցած է իսրայէլեան մարտավարական միջուկային հրթիռով մը»։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ լիբանանեան Tayyar.org կայքէն:
Ըստ աղբիւրին, զօրավարը ըսած է նաեւ թէ արեւմտեան ռազմածովային ուժերը (Ֆրանսան, Անգլիան եւ Ամերիկան) մարդասիրական օժանդակութեան քողին տակ եկած էին ծածկելու փաստերը, քանի որ պայթումը համաշխարհային մարդկային աղէտ էր, որ կրնար քայքայել Իսրայէլը եւ հետեւաբար կանխել խաղաղութիւնը եւ վերջ դնել ծոցի հետ համաձայնութեան:
Ուշագրաւն այն է, որ ռուս գործիչը չբաւարարուելով պայթումին մասին իր առաջ քաշած վարկածէն, փորձած է հանրութեան ներկայացնել Պէյրութը ցնցած աղէտալի պայթումէն ետք ստեղծուած քաղաքական ընդհանուր պատկերն ու եղած դէպքին իրական հետեւանքները։
Վերապահութիւններով հանդերձ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Իկոր Տրականովի յայտարարութիւնները։
Տրականով մասնաւորապէս կ՚ըսէ ՝« Պայթումէն ետք բոլոր օտար ռազմանաւերը լքեցին Լիբանանը ամերիկեան փորձագէտներու ժամանումէն ետք, եւ Լիբանանը պաշտօնապէս թոյլ տուաւ, որ անոնք մտնեն ինքնիշխան երկիրը եւ յաջողին ջնջել ճշմարտութիւնը։
Լիբանանը առաջին օրէն իսկ չփորձեց պարզել ճշմարտութիւնը, դատական համակարգը քաղաքականացուած էր, նոյնիսկ նահատակներու ընտանիքները չփորձեցին: Ապա միլիոնաւոր տոլարներ օրինական կերպով սկսան մուտք գործել Լիբանան՝ նաւահանգիստը վերանորոգելու եւ ընտանիքները օգնելու պատրուակով:
Ճշմարտութիւնն այն է, որ այդ գումարները փութացին խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, լռեցնելու իշխանութիւնները եւ վերջ տալու հետաքննութեան: Օրինակ, ուր գացին Ֆրանսայի 500 միլիոն եուրօն, որ ուղարկուած էր հասարակական ոչ պետական կազմակերպութիւններուն:
Մաքրոն Միքաթիի օգնութեամբ փորձեց համոզել իրենց ֆրանսացի լիբանանցի ընկերը՝ Սաատէն, որպէսզի վերակառուցուի Պէյրութի նաւահանգիստը առանց իրական առաջարկի, եւ այդպիսով իսրայէլեան նաւահանգիստը՝ Հայֆան դարձաւ տարածաշրջանի ծովային առեւտուրի ամենակարեւոր կեդրոնը եւ ոչ թէ Պէյրութը»։
Տրականով նաեւ ըսած է, որ ռուսական հետախուզութիւնը վստահ է, որ «Հըզպալլա»ն որեւէ ռազմական զրահ կամ զինամթերք չունէր նաւահանգիստի կամ որեւէ այլ կառոյցի մէջ, ինչպէս Իսրայէլը լուրեր տարածեց: Նաւահանգիստը ռմբակոծելու իրական նպատակը հարուածելն էր արեւելեան Միջերկրականի ամենամեծ նաւահանգիստը եւ դուրս ձգել զայն Հայֆայի հետ մրցակցութենէն, նաեւ հարուածել լիբանանեան դրամատնային համակարգը: