image

Դեկտեմբեր 31-էն սկսեալ արգելք պիտի դրուի դէպի Հայաստան թրքական ապրանքներու մուտքին վրայ

Դեկտեմբեր 31-էն սկսեալ արգելք պիտի դրուի դէպի Հայաստան թրքական ապրանքներու մուտքին վրայ

ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէն անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, որ 2020-ի 31 դեկտեմբերէն պիտի գործէ ՀՀ կառավարութեան 20.10.2020թ. թիւ 1708-Ն որոշման յաւելուածով սահմանուած ցանկին մէջ ընդգրկուած թրքական ծագման ապրանքներու ներմուծման վերաբերեալ արգելքը` 6 ամիս ժամկէտով։

Մինչեւ 2020-ի 31 դեկտեմբերը ներմուծուած ապրանքներու նկատմամբ նշուած արգելքը չի գործեր միայն այն պարագային, եթէ մինչեւ այս տարուայ 31  դեկտեմբերը այդ ապրանքներու նկատմամբ իրականացուին բոլոր համապատասխան մաքսային գործառնութիւնները, մասնաւորապէս՝ անոնք յայտարարագրուին «Ներքին սպառման համար բացթողում» մաքսային ընթացակարգով, վճարուին համապատասխան մաքսային վճարները եւ ապրանքները բաց թողնուին մինչեւ նշուած օրը:

ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէն կը յորդորէ նաեւ այսուհետ ապրանքներու առեւտրային փաստաթուղթերուն մէջ նշում կատարել ծագման երկրի վերաբերեալ, իսկ հնարաւորութեան պարագային եւ (կամ) մաքսային մարմնի պահանջով ներկայացնել ծագման երկրի հաւաստագիր կամ յայտարարագիր։

Յիշեցնենք, որ ներմուծման արգելքը կը տարածուի բոլոր երկիրներէն՝ Թուրքիայէն, Վրաստանէն եւ այլ, ներառեալ ԵԱՏՄ անդամ երկիրներէն ներմուծուող թրքական ծագման նշուած ապրանքներու վրայ։