image

Դաւիթ Իշխանեանի ազատութիւնը՝ մեր ճիտին պարտքն է

Դաւիթ Իշխանեանի ազատութիւնը՝ մեր ճիտին պարտքն է

Աւստրալահայ լրագրողուհի Նորա Մելոյեան- Սեւակեան կը գրէ՝

Այո՛,  բոլորս ընկեր Դաւիթ ենք այսօր։ 

Իր ցաւը մեր ցաւը պէտք է ըլլայ, իր ազատութեան ապահովագրութիւնը մեր բոլորի ճիտին պարտքը պէտք է ըլլայ։ 

Ան յանուն մեզի, յանուն մեր ազգային արժանապատուութեան, յանուն մեր հայրենի Արցախին եւ անոր ազատագրական պայքարին, իր համակ կեանքը, երիտասարդ տարիները, նոյնիսկ իր անմիջական հարազատները զոհեց, որպէսզի մենք կարենայինք մեր Արցախը այցելել հպարտ ճակատներով, որպէսզի Մամիկ Պապիկի մօտ տասնեակ նկարներ նկարուէինք եւ սրտի անհուն գոհունակութեամբ մեր էջերուն վրայ տեղադրէինք, որպէսզի հազարաւոր հերոսներու արեամբ շաղախուած Արցախի հողը կրկին ծաղկէր ու հերոսներ ծնէր։ 

Ան մնաց ճակատի վրայ երբ շատ շատեր հեռացան, ան յոյս ներշնչեց բոլորին երբ շատեր յուսահատեցան, ան ամէն բանէ վեր բռնեց իր հայրենի Արցախը, պայքարեցաւ ողջ հայութեան համար եւ այսօր ան գազան թշնամիի ճիրաններուն մէջ առանձին մահու եւ կենաց կռիւ կը մղէ։ 

Անկրկնելի Ընկեր Դաւիթ, 

այս արհաւիրքէն եւս դուրս պիտի գաս, որովհետեւ քո զօրաւոր ու անբիծ ՀԱՅու տեսակը տկարութիւն երբէք չի ճանչնար ։ 

Այո՛,  Բոլորս Ընկեր Դաւիթ ենք։