image

Վահան Իշխանեանի յիշատակին

  Վահան Իշխանեանի  յիշատակին

 Այո՛, Վահան Իշխանեան ամենէն աւելի կը պաշտէր Հայաստանը. այդ կարօտին մէջ ապրեցաւ, այդ կարօտով լիացաւ ու այդ կարօտով ալ հեռաւոր Գանատայի մէջ... մեզմէ բաժնուեցաւ։ Այստեղ կը դժուարանամ ըսել, որ Վահան Իշխանեան մահացաւ, որովհետեւ այնքան ատեն որ անոր գիրը կենսունակ է, այնքան ժամանակ որ անոր գիրը ապրող ու ապրեցնող է, Վահանը պիտի շարունակէ ապրիլ։

 

Արդէն վեցերորդ ամիսնը գլտորեցինք առանց Վահան Իշխանեանին։ Կեանքի մէջ կան մարդիկ, կան նաեւ ընկերներ, որոնք կրնան անմիջական կապի մէջ չըլլալ հետդ, կրնան շատ հեռու ապրիլ, կրնան նոյնիսկ այլ երկիր մը փոխադրուած ըլլալ, սակայն կարեւոր չէ, անոնց բարերար ներկայութիւնը, անոնց տեսակը, անոնց գոյնն ու էութիւնը անխափան կերպով կը շարունակէ մնալ առօրեայիդ մէջ։

Վահանը անոնցմէ մին էր. մէկը, որուն հետ կրնայիր մեծ վէճերու կիզակէտին յայտնուիլ, սակայն օրեր անց միայն վերստին բարեկամանալ, վերստին ընկերանալ ու վերստին վիճիլ։

Վահանին հետ ծանօթութիւնս սկիզբ առած էր 90-ականներու աւարտին, երբ անմիջական կապի մէջ էի գրողներու շրջանակի կարգ մը ազնիւ, ազնուագոյն ընկերներու հետ։ Գուրգէն Խանճեան, Վահան Թամարեան, Լեւոն Խեչոյեան, Լեւոն Ջաւախեան, Ռաֆայէլ Նահապետեան, Գրիգոր Յակոբեան, Սեւան Տէյիրմենճեան եւ տակաւին շատ ու շատ անուններ, սակայն այս անուններուն առանցքայինը Վահանն էր։ Ան ո՛չ միյան գրականութեան կողքին լրագրութեան զինուոր էր, այլեւ Վահանին համար մեծ նշանակութիւն ունէր արեւմտահայոց բանն ու գիրը։ Գիտէր սփիւռքի նրբութիւնները, ընկալումները, գիտէր Պոլիսը իր հազարամեայ խորհուրդներով ու գիտէր նաեւ Պէյրութը, որպէս արդիական սփիւռքի նորաստեղծ համայնք իր մեծ ու փոքր ալիքներով ու պայքարներով։

Վահանը մեր մէջ ամենահայն էր։

Երեւանի ամենէն «նեղ» առանցքի մանրամասնութեամբ, ամենէն թաքուն պատումով, ամենէն «երեւանեան» առօրեայով, նաեւ սփիւռքի ամենէն «լայն» հասակցութեամբ, համայնքներու եւ գաղութներու համ ու հոտով, համալսարանի օրերէն իրեն «նուէր» մնացած ընկերներու աւանդով եւ յիշողութիւններով։ Իբր այդ, Վահանը դարձաւ ու մնաց՝ որպէս ամենէն շատ երանգ ունեցող, ամենէն շատ մեր գոյներն ու ջղայնութիւնները իմացող, սակայն ամենէն շատ իր ու մեր Հայաստանը պաշտող մարդը։

Այո՛, Վահան Իշխանեան ամենէն աւելի կը պաշտէր Հայաստանը. այդ կարօտին մէջ ապրեցաւ, այդ կարօտով լիացաւ ու այդ կարօտով ալ հեռաւոր Գանատայի մէջ... մեզմէ բաժնուեցաւ։ Այստեղ կը դժուարանամ ըսել, որ Վահան Իշխանեան մահացաւ, որովհետեւ այնքան ատեն որ անոր գիրը կենսունակ է, այնքան ժամանակ որ անոր գիրը ապրող ու ապրեցնող է, Վահանը պիտի շարունակէ ապրիլ։

Ան պիտի ապրի, հակառակ անոր, որ մասնաւորապէս վերջին ամեակներուն լրագրութեան դռները փակուեցան իր առջեւ ու ինչ-ինչ պատճառներով Վահանը դարձաւ «լուսանցքի բնակիչ»։ Խորքին մէջ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն այդպէս ընել, լուսանցքայնացնել Վահան Իշխանեանը, պահու մը համար կը մոռնային եւ գուցէ կ՚ուրանային, որ Վահանը մի՛շտ իրադարձութիւններու կիզակէտին էր։ Շատ լաւ գիտէր Հայաստանի ներքաղաքական պայքարներու արմատները, անցեալը ու գիտէր նաեւ, որ ի՛նչ կրնայ պատահիլ վաղը։ Վերլուծող միտք էր ան, անհանգիստ միտք մը, պայքարի ելած միտք մը, որ մինչեւ իր կեանքի աւարտն ու վերջին շունչը ապրեցաւ Հայաստանի մեծ ու փոքր հոգսերով։

Անշուշտ, տակաւին կարելի է երկար գրել Վահան Իշխանեան լրագրողին մասին, որ ունէր ուրոյն գիծ, հետաքննող երակ եւ ճշմարտութիւնները ջուրի երես հանելու տաղանդ, որ շատ յաճախ աշխատեցաւ իր դէմ ու այդ պատճառով ալ քծնանքէ եւ շողոքորթութենէ հեռու ապրող լրագրող Վահանը դարձաւ ու մնաց լրագրութեան համայնքի «անտեսուած ասպետ»ը։ Բոլոը, նոյնիսկ իր դէմ վատաբանութիւններ կատարողները շատ լաւ կը հասկնային, որ Վահանը իր գրածին, իր ստորագրութեան եւ իր խօսքին տէրն է, հաւանաբար այդ պատճառով ալ փակեցին բոլոր հնարաւոր դռները իր առվեւ։ Ու ինչքան դժուար էր Վահանին համար այն տառապանքը, որ կը գոյանար արժապատիւ աշխատանք մը, մնայուն եւ բարւոք կեանք մը մէջտեղ բերելու համար պաշտօն մը չունենալու իրողութիւնը։

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...