image
Հրատապ լուրեր:

Դաշնակացական երիտասարդներ Տարօն Մանուկեան եւ Գոռ Սարգսեան ազատ պիտի արձակուին

Դաշնակացական երիտասարդներ Տարօն Մանուկեան եւ Գոռ Սարգսեան ազատ պիտի արձակուին

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի որդին՝ Տարօն Մանուկեան եւ Գոռ Սարգսեան ազատ պիտի արձակուին։ Այս մասին դիմատետրեան էջին գրած է փաստաբան Աբգար Պօղոսեան։

Յիշեցնենք, որ 8 մայիսին ընդդիմադիր գործիչներու նախաձեռնութեամբ Գիւմրիի մէջ հանրահաւաք եղած է։ Նոյն օրը Գիւմրիի Երեւանեան խճուղիին մօտ գտնուող կանգառին մօտ միջադէպ-վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է։

Մասնաւորապէս, կանգառին քով կանգնած տարեց տղամարդիկ՝ 74, 56, 72 եւ 84 տարեկան, հայհոյանքներ հնչեցուցած են դաշնակցական երիտասարդներու հասցէին, ձուեր նետած վերջիններուս ուղղութեամբ, որմէ ետք վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է։

Դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ, տարեց տղամարդիկ տուժող ճանչցուած են։ Քրէական գործով մեղադրեալները եօթն են: Անոնք մեղադրուած են ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 258-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով։