Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դիմած է ռուսաստանցիներուն՝ վստահեցնելով, որ ոչ Ամերիկան, ոչ Եւրոպան կը ձգտին ճնշել կամ ոչնչացնել իրենց երկիրը․
«Ես կրկին կ'ըսեմ Ռուսիոյ ժողովուրդին. Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի ժողովուրդները չեն ձգտիր վերահսկել կամ ոչնչացնել Ռուսիան: Միացեալ Նահանգները չի նախատեսեր յարձակիլ Ռուսիոյ վրայ… Միլիոնաւոր ռուսեր, որոնք կ'ուզեն խաղաղ ապրիլ իրենց հարեւաններու հետ, մեր թշնամիները չեն»,-ըսած է Պայտըն՝ ելոյթ ունենալով Վարշավայի մէջ։
Պայտըն վիճարկած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի յայտարարութիւնը Ուքրանիոյ մէջ գործողութեան հարկադիր բնոյթի մասին՝ ըսելով, որ այդ «երբեք պարտադիր չէ եղած»։