Կադիրով յայտնած է Չեչնիոյ ղեկավարի պաշտօնէն հեռանալու մտադրութեան մասին, հաղորդած է ԹԱՍՍ–ը։
«Այնպէս կը պարզուի, որ ես «երկարակեաց» եմ Ռուսիոյ Դաշնութեան հիմնադիր կառոյցներու ներկայ ղեկավարներու շարքին։ Ես արդէն 15 տարի է կը ղեկավարեմ Չեչնիան։ Կը կարծեմ, որ իմ ժամանակը եկած է, քանի դեռ անոնք չեն հեռացուցած զիս։ Մենք արդէն սկսած ենք մտածել այդ մասին»,- ըսած է Կադիրով Telegram-ի իր ալիքով հրապարակուած տեսանիւթին մէջ։
Տեսանիւթի մակագրութեան մէջ ան նշած է, որ կը կարծէ, թէ «արժանի է անժամկէտ արձակուրդի»։
Կադիրովի խօսքով՝ ինք ժամանակին եղած է «ամենաերիտասարդն ու ամենաանփորձը», իսկ հիմա ան անփորձ մնացած է, բայց իր «երիտասարդութիւնը ինչ որ տեղ գացած է»: