Չեխիոյ կառավարութիւնը Փետրուար 9-էն պիտի վերացնէ «Քովիտ»ի դէմ չպատուաստուածներու համար հանրային վայրեր այցելութեան բոլոր սահմանափակումները:
Պատուաստման վկայական կամ հիւանդութիւնը յաղթահարած ըլլալու մասին բժշկական տեղեկանք այլեւս չեն պահանջեր ճաշարանները, ծառայութիւններու ոլորտի ձեռնարկութիւնները, անոնք ներկայացնելու անհրաժեշտութիւն պիտի չըլլայ նաեւ մշակութային եւ մարզական միջոցառումներու ժամանակ:
Վարչապետ Փեօթր Ֆիալայի խօսքով` բնական կեանքի վերադառնալու ճանապարհին կառավարութեան յաջորդ քայլը պիտի դառնայ զանգուածային քննութեան վերացումը աշխատավայրերու եւ դպրոցներու մէջ: Այդ օրէնքը կը պատրաստուին չեղարկելու Փետրուար 18-էն:
Դանիան առաջին եւրոպական երկիրն է, որ յայտնել է բոլոր սահմանափակումներու վերացման մասին` չնայած երկրին մէջ հիւանդացութեան մրցանշային ցուցանիշներուն: Դանիային յաջորդած են Շուէտը, Նորվեկիան: