3 Օգոստոսի երեկոյեան, Ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է Կառավարութեան դիմաց բողոքի գործողութիւն իրականացնող Նանէ Նաւասարդեանը, ինչպէս նաեւ լրագրող, գրող Վահան Իշխանեանի որդին՝ Յովհաննէս Իշխանեանը, որ ոստիկաններէն պահանջած էր ներկայացնել բերման ենթարկելու հիմքերը։
Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած բողոքի ցոյցին կը մասնակցէր նաեւ «Զարթօնք» ազգային-քրիստոնէական կուսակցութեան հիմնադիր անդամ Վահագն Չախալեանը, որ ըսած է, որ մարդոց բերման ենթարկելով ոստիկանները կը փորձեն այնպէս ընել, որ մարդիկ չմիանան ցոյցին եւ չկարողանան իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնել Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած ռազմական գործողութիւններու դէմ։
Չախալեանը նաեւ նշած է, որ Հայաստանի մէջ գործող բոլոր երկիրներու դեսպաններուն պէտք է հիմա հաւաքել Կառավարութեան շէնքի դիմաց եւ ներկայացնել, թէ ինչ կը կատարուի Արցախի մէջ։