image

Bloomberg. ԱՄՆ կեցուածքը կրակոց՝ Իսրայէլի ուղղութեամբ

Bloomberg.  ԱՄՆ  կեցուածքը կրակոց՝ Իսրայէլի ուղղութեամբ

Իսկ հոգեբանական շրջադարձը, ըստ գործակալութեան, եղած է վիճայարոյց խօսքերը՝ Ծերակոյտի մեծամասնութեան առաջնորդ Ճաք Շումըրի (Միացեալ Նահանգներու ամենաբարձրաստիճան հրեայ ընտրուած պաշտօնեան), որ ըսած է, որ «Իսրայէլը չի կրնար գոյատեւել, եթէ դառնայ վարկաբեկեալ», աւելցնելով, որ Նաթանիահուն երթալով աւելի կը շփոթէ իր անձնական շահը Իսրայէլի շահերուն  հետ։

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» թերթը մեկնաբանած էր քուէարկութենէն Միացեալ Նահանգներու ձեռնպահ մնալը, նշելով, որ այն արդարացուած է դիւանագիտական եւ մարդասիրական առումներով, սակայն ունի քաղաքական տարր, որ կը յուշէ, թէ Իսրայէլի դիրքը ԱՄՆ-ի մէջ այլեւս «այնքան զօրաւոր չէ, որքան անցեալին էր։

  Նիւթը  համադրեց՝  «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին» 

Ամերիկեան «Bloomberg» գործակալութիւնը հաստատած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները կը շարունակեն անկանխատեսելի   կերպով վատթարանալ, հաշուի առնելով, որ Միացեալ Նահանգներու  ՄԱԿ-ի Անվտանգութաեն Խորհուրդի վերջին նիստին  վեթոյի իրաւունքի  օգտագործումէն ձեռնպահ մնալն առաջին դիւանագիտական կրակոցն է Իսրայէլի  ուղղութեամբ։

 Գործակալութիւնը դիտել կու տայ, որ ԱՄՆ-ը «դիւանագիտական առաջին փամփուշտը արձակած է» Իսրայէլի վրայ, եւ որ Սպիտակ տունը արտօնելով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին՝ «սանձելու  Իսրայէլը», համոզում  մը ցոյց  կու տայ, որ   ՄԱԿ-ի վերջին  կարեւոր  նիստէն ետք   Իսրայէլի  դէմ նոր քայլերս եւս կրնան  առնուիլ։

 Օրերս ամերիկեան դիւանագիտութեան, ազգային անվտանգութեան եւ աշխարհաքաղաքականութեան մէջ մասնագիտացած գրող Անտրէաս Քլոթի  կողմէ հրապարակուած յօդուածին մէջ գործակաութիւնը համարած է, որ «ձեռնպահ» բառը իրականութեան մէջ խաբուսիկ դիւանագիտական բառ է, եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդին մէջ վեթոյի իրաւունքի օգտագործումէն «ձեռնպահ» մնալու Միացեալ Նահանգներու որոշումը յանգեցուցած է գործնականօրէն պատմութեան էջը շրջելուն։

Աղբիւրը  կեդրոնացած է Ուաշինկթընի՝ առաջին անգամ ըլլալով Անվտանգութեան խորհուրդին անյապաղ զինադադարի կոչ ընելու կարեւորութեան եւ խորհրդանշականութեան վրայ, մանաւանդ, որ  2023 թուականի հոկտեմբեր 7-էն ի վեր նման երեք նախորդ բանաձեւերու նախագիծեր  «խափանուած» են ԱՄՆ-ի կողմէ։

Գործակալութիւնը հաստատած է, որ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները, որոնք երկար ժամանակ եղած են աշխարհի ամենաամուր երկկողմ կապերէն, կը շարունակեն անկանխատեսելի  կերպով վատթարանալ։