Այսօր թուլցած Իրանի հետ աշխարհը, ներառեալ Մերձաւոր Արեւելքն ու Հարաւային Կովկասը աւելի անվտանգ է. այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի մօտ Իսրայէլի դեսպան Ճորճ Տիք:
Դեսպանի պնդմամբ՝ Իսրայէլ գործնականօրէն ոչնչացուցած է Իրանի հեռահար հրթիռային ներուժը, լուրջ վնաս հասցուցած է Իրանի տարածաշրջանային դաշնակիցներուն՝ փրոքսի ուժերուն, հրթիռային զինանոցին եւ միջուկային ենթակառուցուածքներուն:
«Այսօր, թուլցած Իրանի պայմաններուն, աշխարհը, ներառեալ՝ Մերձաւոր Արեւելքն ու Հարաւային Կովկասը, դարձած է աւելի անվտանգ», - ընդգծած է դիւանագէտը։