image

Բաժանումներու ժամանակներուն՝ միասնութեան ձայնը. Վարդգէս Մահտեսեան պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը

Բաժանումներու ժամանակներուն՝ միասնութեան ձայնը. Վարդգէս Մահտեսեան պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը

Ժամանակի մը մէջ, երբ կը տիրեն բաժանումները, տարակարծութիւնները եւ անհամատեղելիութիւնները, Կիպրահայ համայնքը կրկին կը գտնուի կարեւոր հանգրուանի մը առջեւ։ Այս պայմաններուն մէջ, տարիներու փորձառութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով կերտուած ղեկավարներու դերը կը դառնայ աւելի վճռորոշ։

Այս ընդհանուր պատկերին մէջ է, որ Կիպրահայ համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան յայտարարեց իր թեկնածուութիւնը՝ շարունակելու իր ծառայութիւնը թէ՛ համայնքին, թէ՛ Կիպրոսի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքին մէջ։

Այս առիթով, թեմային անդրադարձ կատարած է նաեւ լրագրող Սագօ Արեան, որ իր դիտարկումներով կը փորձէ լոյս սփռել Մահտեսեանի դերակատարութեան եւ այս քայլի քաղաքական ու համայնքային նշանակութեան վրայ։

Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

Ժամանակի մը մէջ, երբ կը տիրեն բաժանումները, տարակարծութիւնները եւ անհամատեղելիութիւնները Մահտեսեան շնորհիւ իր տարիներու փորձառութեան դարձած է իրական կերպար յանուն միասնութեան եւ հաւաքական աշխատանք տանելու նուիրական գաղափարին։

Կիպրահայ համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան յայտարարեց իր թեկնածուութեան մասին։ 

Նշեմ, որ վերջին քսան տարիներուն Հայութիւնը արդար եւ իրաւ կերպով Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ ներկայացուցած Մահտեսեանի այս քայլը սպասելի էր, մանաւանդ, որ ան կը վայելէ Կիպրոսի քաղաքական վերնախաւի ու նաեւ տեղի հայկական համայնքի երեւելի աջակցութիւնը։ 

Ի դէպ Մահտեսեանի մասին «Արեւելք» գրած էր ամիսներ առաջնեւ օրին այդ գրութիւնը տեղիք տուաւ յաճախ անընդունելի մեկնաբանութիւններու։

Շատեր հարց պիտի տան Մահտեսեանի քաղաքական գիծին մասին, ու այդ առումով հարկ կը համարեմ, որ ան կը գործէ ոչ միայն Կիպրական հայրենիքի շահերուն համար, այլ նաեւ կը ներկայացնէ կղզիի հայութեան մեծամասնութիւնը։

Երկար տարիներէ ի վեր կը գործէ յանուն հայկական շահերուն եւ իր բոլոր կարելիութիւնները ծառայեցնելով գաղութի զաւակներու հիմնական կարիքներուն, Կիպրական հայրենիքի բարօրութեան ու նաեւ Հայաստան-Կիպրոս կապերու ամրապնդման։

Մեր այս դժուարին ժամանակներուն Վարդգէս Մահտեսեանը նուիրումի օրինակ ըլլալէ բացի, մեծագոյն ճիգ տարած է հայութիւնը, կղզիի հայկական պարունակը միակամ պահելու համար ու նաեւ ծառայած իր զոյգ հայրենիքներու՝ Կիպրոսի եւ Հայաստանի շահերուն։

Ժամանակի մը մէջ, երբ կը տիրեն բաժանումները, տարակարծութիւնները եւ անհամատեղելիութիւնները Մահտեսեան շնորհիւ իր տարիներու փորձառութեան դարձած է իրական կերպար յանուն միասնութեան եւ հաւաքական աշխատանք տանելու նուիրական գաղափարին։

Վարձքը կատար մեր հայրենակիցին։

Ստորեւ կը տեղադրեմ օրին Վարդգէս Մահտեսեանի թեկնածուութեան ու հաւանակօրէն իր պաշտօնը շարունակելու մասին ամփոփ գրութիւնը։