Այսօր առաւօտեան ժամը 8:00 էն սկսեալ մեկնարկեց ՀՀ սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն: Նշենք, որ 1997 ընտրատեղամասերու մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն մասնակցութեան իրաւունք ունին 2 .550.323 ՀՀ քաղաքացիներ: Մինչեւ այս պահը քուէարկութեան մասնակցած են ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամնեան, ՀԱԿ առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ ոստիկանապետ ՝ Վլատիմիր Գասպարեան: Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան մերժած է մասնակցիլ այս գործընթացին հանրաքուէն համարելով անօգուտ Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն համար: Նշենք, որ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան քուէարկելէ ետք մերժած է պատասխանել լրագրողներու հարցումներուն նկատել տալով, որ պիտի խօսի ընտրութիւններէն ետք: Իր կարգին Լեւոն Տէր Պետրոսեան կոչ ըրած է բոլորին գալ եւ քուարկել, հեռու մնալով ճնշումներէ եւ հիմնուելով «իրական քուէարկողներու» վրայ: Նշենք, որ այսօրուան քուէարկութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00 -ը: