Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հանրաքուէն կ՚առաջարկեն կայացնել սեպտեմբեր 21–ին։ Նման յայտարարութեամբ այսօր ՀՀ Ազգային Ժողովէն ներս հանդէս եկած է «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանը։
ԱԺ–ի մէջ ՀՀ-ի` ԵՄ-ին անդամակցութեան յայտ ներկայացնելու հարցը հանրաքուէի դնելու մասին լսումներ են։ Լսումները նախաձեռնած են արտախորհրդարանական 4 ուժ` «Յանուն հանրապետութեան» կուսակցութիւնը, «Հայաստանի եւրոպական կուսակցութիւնը», «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը, «Ազատ քաղաքացի» ՀԿ–ն, որոնք միաւորուած են «ժողովրդավարական ուժերու հարթակ»ի մէջ։
«ԵՄ անդամակցութեան վերաբերեալ հանրաքուէն պէտք է անցկացնել հենց սեպտեմբերի 21–ին, ինչպէս եղաւ 1991 թ.։ Խնդիրը սիմպոլիզմը չէ, թէեւ կարող է լինել, այլ դա կը նշանակի այն, որ մենք կը շարունակենք այն գործը, որ սկսել է մեր ընկեր Ազատ Արշակեանը։ Դա նաեւ կը նշանակի, որ մենք այս տարածաշրջանում ջանում ենք դառնալ ժողովրդավարութեան կղզյակ։ Մեզ կը սկսեն օժանդակել, ու ես կասկած չունեմ, որ դա շատ առատաձեռն մեզ կը փոխհատուցուի»,– յայտարարած է Սարգսեանը, որու ելոյթին յաջորդած է դահլիճի բուռն ծափողջոյնը։
«Ազատ քաղաքացի» ՀԿ նախագահ Յովսէփ Խուրշուդեանն իր հերթին յիշեցուցած է, որ հանրաքուէն պէտք է կազմակերպել ու կայացնել յառաջիկայ 4 ամսուան ընթացքին։
Լսումներու նախաձեռնողներէն «Յանուն հանրապետութեան» կուսակցութեան նախագահ Արման Բաբաջանեանն ալ իր ելոյթին մէջ յայտարարած է, որ հանրաքուէի արդիւնքները պէտք է տեղ գտնեն նաեւ 2026 թ. սահմանադրական փոփոխութիւններու մէջ, որոնք ըստ ամենայնի, պէտք է տեղի ունենան։
«Հանրաքուէն ահռելի պատուհաններ կը բացի մեզ համար`ազատութիւնների, ժողովրդավարական ինստիտուտների, կոռուպցիայի դէմ պայքարի իմաստներով»,– վստահեցուցած է Բաբաջանեան։
Այնուհետեւ ան ՀՀ ԱԺ ամպիոնին փռած է ԵՄ դրօշը, ինչպէս նաեւ Բաբաջանեանն իր հետ բերած էր «կալոշ»՝ իբր «յետընթացի խորհրդանիշ»։
ԱԺ եւրոհամարկման յանձնաժողովի նախագահ, լսումները նախագահող Արման Եղոյեանը Բաբաջանեանը յորդորեց հանել դրօշը` նշելով, որ ինքը դէմ չէ ԵՄ դրօշին ընդհանուր առմամբ, բայց Հայաստանի խորհրդարանին մէջ պէտք է ըլլայ միայն մէկ դրօշ՝ ՀՀ դրօշը։