Հաշուի առնելով տնտեսական այն սուր տագնապը, որ կը շարունակէ հարուածել համակ Լիբանանը, բնիկ Մուսալեռցի գործարար Պետիկ Թօփալեան գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած է եւ Սուրբ Պատարագի եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան համար օգտագործուող շապիկներ նուիրած իր ծննդավայր՝ Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցիին։
Այս մասին կը տեղեկանանք համացանցի վրայ տեղադրուած լրատւութեամբ մը, ու զայն կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Պէքայի հոգեւոր տեսուչն ու Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդը ինչպէս նաեւ դպրաց դասի վարչութիւնը իրենց սրտագին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնեն պրն. Պետիկ Թօփալեանին եւ իր ընտանիքին, որոնց նուիրատուութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամները օժտուեցան եկեղեցական նոր շապիկներով։
Թող Աստուած աւելիով վարձահատոյց ընէ Թօփալեան ընտանիքին՝ իրենց կատարած եկեղեցանուէր աչակցութեան համար։