image

Պոլիս. Պարթեւ Կարեան՝ «մեսրոպաշունչ երգեր» յայտագրով իշխանաց կղզիներու Ս.Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ

Պոլիս. Պարթեւ Կարեան՝ «մեսրոպաշունչ երգեր» յայտագրով իշխանաց կղզիներու Ս.Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ

Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ այս ամառ անցեալ տարիներու նման Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին վերածուած էր հոգեւոր եւ մշակութային գործունեայ կառոյցի մը։ Այս մէկը իրականացած էր Կղզեաց Թաղային Խորհուրդին, Ներսէսեան Դպրաց Դասուն եւ այդ բոլորին հսկող եւ առաջնորդող Կղզեաց Տ. Յարութիւն Վրդ.ի ջանքերով։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, որ Հայր Սուրբին եւ կամաւոր սպասաւորներու համագործակցութեամբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ երգերու, աղօթքներու, գրականութեան եւ ապրումներու մէջ կը լսուէր մեր մայրենին եւ կը զգացուէր էութիւնը։ Իսկ Պարթեւի եւ ընկերներուն ներկայութիւնը հիանալի օրինակ մը բերած էր այս տեսարանին։ Իր խօսքերու աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնեց բոլորը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնական էջէն կը կարդանք ՝

Պոլսահայ սիրուած երգիչ Պարթեւ Կարեան, ընկերակցութեամբ Արի Հէրկէլէ, Ռաֆֆի Տէրգէորգեանէ, Ռոպէր Տողանայէ եւ Սայաթ Տալտալէ կազմուած նուագախումբի, 27 Օգոստոս 2026, Չորեքշաբթի, հանդէս եկաւ «Մեսրոպաշունչ Երգեր» երաժշտական յայտագրով։

Իշխանաց Կղզեաց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիսութեան գլխաւորեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, շուրջն ունենանով տեղւոյն քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը եւ Հ. Ճոն Վրդ. Ուիլին։ Ներկայ էին Լեւոն Շատեանի գլխաւորութեամբ թաղային խորհուրդի անդամները եւ դպրապետ Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլուի գլխաւորութեամբ Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասէ անդամներ, ինչպէս նաեւ յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թօշիկեան։

Եկեղեցւոյ դարաւանդը լեցուն էր ունկնդիրներով եւ ծափողջոյններով բեմ եկաւ Պարթեւ Կարեան ու շուրջ մէկուկէս ժամ հայերէն երգացանկով հմայեց բոլորը։ Երբեմն երգերու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ եւս փոխանցեց։ Հանդիսութեան ընթացքին, երգիչն ու ընկերները մեծապէս գնահատուեցան ներկաներու կողմէ։ Պարթեւը երգեց նաեւ Մաժակ Թօշիկեանի գործերէն օրինակներ, իսկ ժողովրդական երգերուն միացան ունկնդիրները։ Յայտագրի ընթացքին կղզեբնակ Աննա Գէորգեան Ուղուրլեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ մեներգեց Քրիստին Աքկիւն Վուրալ։ Գեղեցիկ անակնալով հանդէս եկաւ Թաթիանա Պօսթան եւ մեներգեց հայերէն երկու երգ։ Երգերուն հայկական պարերով միացան նաեւ ներկաներ՝ Յակոբ Կիւլէչի գլխաւորութեամբ։

Աւարտին Հայր Սուրբը յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ողջունեց ներկաները։ Յայտնեց որ ամրան շրջանին կատարուած այս աւանդական հանդիսութիւնը կոչուած էր «Մեսրոպաշունչ» եւ կը կատարուէր Պարթեւ Կարեանի կողմէ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն եւ ընկերներուն, որոնք այս տարի եւս ընդառաջած էին հրաւէրին։ Առ ի շնորհաւորանք, Պարթեւին եւ ընկերներուն յուշանուէրներ յանձնեց։

Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ յայտնեց որ Պարթեւ արդէն իսկ ինքզինք փաստած էր հայաշխարհի մէջ որպէս տաղանդաւոր երգիչ։ Սակայն ինք ունէր սրբազան յամառութիւն մը, որով միշտ կը փորձէր հայերէն երգացանկով բեմ բարձրանալ։ Այլապէս զինքը ունկնդրելու եկած հոծ բազմութիւնը ապացոյցն էր, իր առաքելութեան յաջողութեան։ 

Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ այս ամառ անցեալ տարիներու նման Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին վերածուած էր հոգեւոր եւ մշակութային գործունեայ կառոյցի մը։ Այս մէկը իրականացած էր Կղզեաց Թաղային Խորհուրդին, Ներսէսեան Դպրաց Դասուն եւ այդ բոլորին հսկող եւ առաջնորդող Կղզեաց Տ. Յարութիւն Վրդ.ի ջանքերով։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, որ Հայր Սուրբին եւ կամաւոր սպասաւորներու համագործակցութեամբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ երգերու, աղօթքներու, գրականութեան եւ ապրումներու մէջ կը լսուէր մեր մայրենին եւ կը զգացուէր էութիւնը։ Իսկ Պարթեւի եւ ընկերներուն ներկայութիւնը հիանալի օրինակ մը բերած էր այս տեսարանին։ Իր խօսքերու աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնեց բոլորը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած «Երեւան» երգով։ Ներկաներ շրջապատեցին սիրուած երգիչն ու ընկերները եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին։