image

Աւստրալիահայ յայտնի քաղաքական գործիչ Կլատիս Պէրէճիքլեան հրաժարական տուաւ

Աւստրալիահայ յայտնի քաղաքական գործիչ Կլատիս Պէրէճիքլեան հրաժարական տուաւ

Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեան յայտարարած է իր հրաժարականին մասին։ Այդ տեղի ունեցած է, երբ նահանգի Փտածութեան գործերով անկախ յանձնաժողովը (ICAC) յայտարարած է անոր նկատմամբ հետաքննութեան մասին։

«Չեմ կրնար ըսել, թէ ICAC-ին որքան ժամանակ պէտք է հետաքննութիւնը աւարտելու համար․․․ ես ցաւով կը յայտարարեմ, որ այլ ելք չունիմ, բացի վարչապետի պաշտօնէն հրաժարիլը», ըսած է Պերեճիքլեան։

Ան նշած է, որ իր հրաժարականը ուժի մէջ կը մտնէ, երբ Նոր Հարաւային Ուելսի Լիպերալ կուսակցութիւնը նոր առաջնորդ ընտրէ։

ICAC-ը կը պարզէ, թէ արդեօք Պերեճիքլեանը նախկին պատգամավոր Տերիլ Մըկուայրի հետ անձնական յարաբերութիւններով խախտած չէ հանրային վստահութիւնը։

Պերեճիքլեանը, որ ծագումով հայ է, դարձած է վարչապետ 2017-ին: Ան Նոր Հարաւային Ուելսի երկրորդ վարչապետն է, որ հրաժարական տուած է ICAC- ի հետաքննութեան պատճառով: Նահանգի առաջնորդ Պարրի Օ’Ֆարըլը 2014 -ին հրաժարական ներկայացուցած է, երբ ցուցմունքին մէջ նշած է, թէ մոռցած է յանձնաժողովին ըսել, որ ընդունած է 3000 տոլար արժողութեամբ նուէրը՝ գինին: