Ատրպէյճանը սադրիչ համարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոյի յայտարարութիւնը Արցախի մասին։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէն, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
«Այն ժամանակաշրջանին, երբ միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն ու սկզբունքներուն համապատասխան՝ սեփական ինքնիշխան տարածքներուն մէջ Ատրպէյճանի իրականացուցած արդար պատերազմէն ետք տարածաշրջանին մէջ պայմաններ ստեղծուած են կայուն խաղաղութեան համար, մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք ֆրանսական կողմին նման սադրիչ յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի տակ կը դնեն սեփական տարածքներուն նկատմամբ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանութիւնը։
Ֆրանսացի նախարարը, անտեսելով հայկական գրաւման ժամանակաշրջանին ատրպէյճանական տարածքներուն մէջ հարիւրաւոր մզկիթներու եւ մշակութային ժառանգութեան այլ նմուշներու աւերման փաստը, կը մեկնաբանէ գրաւման ժամանակներէն մնացած որոշ շինութիւններու քանդման հարցը եւ տեղին չի նկատեր յղում կատարել ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանին մէջ քննուող գործընթացին։ Ասիկա երկդիմի մօտեցման վառ օրինակ է։
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գնահատող առաքելութիւն «Ատրպէյճանի Ղարաբաղեան տարածաշրջան» (գրաւուած Արցախ) ուղարկելու վերաբերեալ Ֆրանսայի կոչերը իրականութեան բացայայտ խեղաթիւրում են։ Ատրպէյճանը ինք բազմիցս կոչ ըրած նման գնահատող առաքելութիւններ իրականացնելու, սակայն, դժբախտաբար, անոնց իրականացումը անհնար դարձած է այնպիսի երկիրներու կողմէ ստեղծուած խոչընդոտներուն պատճառով, ինչպիսիք են Հայաստանը եւ Ֆրանսան։ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ինք հաստատած է այս փաստը իր 2005 թուականի զեկոյցին մէջ։ Ֆրանսացի նախարարին նման յայտարարութիւնները չեն ծառայեր շրջանին մէջ կայուն եւ իրական խաղաղութեան կառուցման»,- յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը։