image

Վարչապետի գլխաւորութեամբ սահմանապահներու հարցով նիստ

Վարչապետի գլխաւորութեամբ սահմանապահներու հարցով նիստ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որու ընթացքին քննարկուած են Սահմանապահ ծառայութեան վերափոխման առնչուող հայեցակարգային հարցեր։

Անդրադարձ կատարուած է Սահմանապահ ծառայութեան գործունէութեան, հաշուի առնելով միջազգային փորձը՝ անոր կարողութիւններու հետագայ զարգացման, ֆիզիքական ենթակառոյցներու, օփերաթիւ կառավարման եւ այլն։ Ներկայացուած են նաեւ սահմաններու համալիր կառավարման ուղղութեամբ իրականացուելիք միջոցառումները։

Վարչապետը կարեւոր նկատած է վերոնշեալ ուղղութիւններով տարուող աշխատանքները եւ պատասխանատուներուն յանձնարարած շարունակել քննարկումները՝ առաւելագոյնս արդիւնաւէտ որոշումներ կայացնելու նպատակով։