image

Փշալարեր՝ Խարբերդի Սուրբ Գէորգ վանքին շուրջ

Փշալարեր՝ Խարբերդի Սուրբ Գէորգ վանքին շուրջ

Խարբերդի հայկական Սուրբ Գէորգ վանքը վերջնական կործանումէ փրկելու նպատակով փշալարեր զետեղուած են կառոյցին շուրջ, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։

Խարբերդի Հոլվենք գիւղի Սուրբ Գէորգ վանքը, որ կառուցուած է 6րդ դարուն, լքուած է իր ճակատագրին։

Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ վանական մեծ համալիր մը եղած Սուրբ Գէորգը 1915էն ետք վերածուած է հոն բերուած գաղթականներու բնակավայրի։ Երիտթուրքերու իշխանութեան օրերուն վանքը յատկացուած է Բաղէշէն Խարբերդ բերուած զինուորներուն եւ ժամանակի ընթացքին սկսած է աւերուիլ։ Վանքը նախ վնասներ կրած էր գանձեր փնտռող զինուորներուն կողմէ։ Այլ գանձագողերու թիրախ դարձած այս սրբավայրէն գրեթէ ոչինչ մնացած է։ Վանական համալիրէն մնացած են միայն պատերն ու ճաքած սիւները։

Ի վերջոյ, տեղական իշխանութիւնները որոշած են փշալարեր զետեղել վանական համալիրին շուրջ՝ անոր աւերակները պահպանելու նպատակով։