«Թրամփի ուղի» (TRIPP) նախագիծի իրականացման ժամանակ պէտք չէ անտեսուին Ռուսիոյ եւ Իրանի շահերը, եւ նախագիծը պէտք չէ տարածաշրջանին մէջ նոր բաժանարար գիծեր ստեղծէ։ Այս մասին Նոյեմբեր 26-ին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»ը։
Զախարովայի խօսքով՝ Մոսկուա կը հետեւի նախագիծի շուրջ զարգացումներուն։ Ան պնդած է, որ «Թրամփի ուղի»ն մեծապէս կը կրկնէ նախորդ տարիներուն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ գործող՝ տարածաշրջանի փոխադրային եւ տնտեսական հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջածիրէն ներս կատարուած աշխատանքը։
Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչի խօսքով՝ այդ աշխատանքը կը նախատեսէր ոչ միայն Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ տարանցիկ հաղորդակցութեան ապահովումը, այլեւ Հայաստանի երկաթուղային ենթակառուցուածքներու ամբողջական ապաշրջափակումը՝ դէպի Թուրքիա, Իրան եւ Ռուսիա ելքով։ Զախարովայի պնդմամբ՝ Հայաստան 2023-ին սառեցուցած է այդ նախագիծի իրականացման իր մասնակցութիւնը։
«Մենք սկզբունքաօրէն կարեւոր կը նկատենք, որ նախագիծի իրականացման ժամանակ չանտեսուին մեր երկրին եւ Իրանի շահերը, քանի որ Թեհրան այդ մասին յայտարարած է։ Այս ծրագիրը պէտք չէ տարածաշրջանին մէջ նոր բաժանարար գիծեր ստեղծէ։ Հակառակ պարագային, փոխադրական-լոճիսթիք նախաձեռնութիւնը պարզապէս դատապարտուած պիտի ըլլայ ձախողութեան», ըսած է Զախարովա։