Հալէպի մէջ հանդիսաւորապէս նշուած է Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակը եւ Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 90-ամեակը՝ արժեւորելով Մխիթարեան կրթական առաքելութեան հարուստ ժառանգութիւնն ու վարժարանին կրթական եւ մշակութային վաստակը։
Հոկտեմբեր 31ին, Հալէպի մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցան Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350 ամեակը եւ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 90 ամեակը։
Մխիթարեան միաբանութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկը կը նախագահէր Միջին Արեւելքի Մխիթարեան առաքելութեան մեծաւոր Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեան։ Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր վարժարանի տնօրէնուհի Տաթեւիկ Նաճարեան Հալապիի կողմէ։
Ներկայ էին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, վեր. դոկտ. Յարութիւն Սէլիմեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Կոմիտաս վրդ. Տատաղլեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Պատալեան, ինչպէս նաեւ ազգային, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հանդիսութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ վարժարանի ինը տասնամեակներու կրթական եւ մշակութային առաքելութեան։
Գեղարուեստական յայտագիրին զուգահեռ ներկայացուեցան վարժարանի պատմութենէն դրուագներ եւ յուշեր։
Ձեռնարկին յաջորդեցին ցուցահանդէս եւ հիւրասիրութիւն՝ լարային քառեակի նուագակցութեամբ։