Իրանի ռազմածովային ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետի տեղակալ, փոխծովակալ Հապիպոլլա Սայարի յայտարարած է, որ երկիրը պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ նոր հակամարտութեան պարագային տեղակայելու ուժեղացուած հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Թասնիմ» գործակալութիւնը։
Փոխծովակալին խօսքով՝ եթէ Միացեալ Նահանգները վերսկսի ռազմական գործողութիւնները, ապա պիտի բախի հակաօդային պաշտպանութեան վերջերս մշակուած արդիական համակարգերուն, որոնք նախատեսուած են հակառակորդին «լուրջ վնասներ» հասցնելու համար։
Ան նշած է, որ որեւէ յարձակման պարագային Միացեալ Նահանգները պիտի տեսնէ այդ համակարգերուն արդիւնաւէտութիւնն ու կարողութիւնները։ Սայարի աւելցուցած է, որ հակամարտութեան ընթացքին Իրան հասկցած է, թէ հակաօդային պաշտպանութեան ամրապնդումը առանցքային առաջնահերթութիւն մըն է։