Մենք կը փորձենք իրանցիներուն հնարաւորութիւն տալ ողջամիտ գտնուելու։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ։
«Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին խօսած եմ Նաթանիահուի հետ։ Մենք կը փորձենք անոնց (իրանցիներուն) հնարաւորութիւն տալ ողջամիտ գտնուելու։ Եթէ մենք որեւէ գործողութիւն ձեռնարկենք, անպայման պիտի հարուածենք Փիքաքս լեռը։
Կրնանք այդ մասին ուղղակիօրէն ըսել անոնց, որովհետեւ անոնք միեւնոյն է անկարող պիտի ըլլան հակազդելու։ Այդուհանդերձ, տակաւին հոն որեւէ իրական գործունէութիւն չենք տեսած։ Լաւ պիտի ըլլար, եթէ անոնք համաձայնութեան մը գային, սակայն անձնապէս կը կասկածիմ, որ այդ տեղի պիտի ունենայ», նշած է ան։