Հայաստանը կեանքի միջին տեւողութեամբ աշխարհի մէջ կը գրաւէ 116-րդ դիրքը։ Այս մասին կը վկայէ «Worldometer»-ի՝ 2026-ի կեանքի տեւողութեան ցուցանիշով երկիրներու դասակարգումը, որ հիմնուած է ՄԱԿ-ի վերջին գնահատականներուն վրայ։
Հայաստանի մէջ կեանքի միջին տեւողութիւնը 76.2 տարի է։ Կանանց պարագային այդ ցուցանիշը 79.9 տարի է, իսկ տղամարդոց՝ 72 տարի։
Դասակարգման համաձայն՝ աշխարհի մէջ կեանքի միջին տեւողութիւնը 73.8 տարի է։ Կանանց պարագային այն 76.4 տարի է, իսկ տղամարդոց՝ 71.2 տարի։ Առաջին դիրքը կը գրաւէ Մոնաքոն՝ 86.7 տարի ցուցանիշով։ Երկրորդ դիրքը Սան Մարինոն է՝ 86 տարի ցուցանիշով, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՚եզրափակէ Հոնկ Քոնկը՝ 85.9 տարի ցուցանիշով։
Յատկանշական է, որ դասակարգման առաջին դիրքերուն վրայ հիմնականը փոքր եւրոպական պետութիւններ եւ Արեւելեան Ասիոյ երկիրներ են։ Ճափոն, Հարաւային Քորէա եւ Հոնկ Քոնկ եւս կը յատկանշուին կեանքի սպասուող բարձր տեւողութեամբ։