image

Ատրպէյճանը քննադատած է Հայաստանի մէջ առաքելութիւն տեղակայելու ԵՄ որոշումը

Ատրպէյճանը քննադատած է Հայաստանի մէջ առաքելութիւն տեղակայելու ԵՄ որոշումը

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն յայտարարութիւն տարածած է՝ կապուած Հայաստանի մէջ երկարաժամկէտ առաքելութիւն ստեղծելու ԵՄ խորհուրդի որոշման հետ։

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է, որ «ԵՄ առաքելութեան տեղակայումը Հայաստանի մէջ պէտք է ապահովուի՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի օրինական շահերը, եւ ԵՄ-ի կողմէ անոր գործունէութեան իրականացումը պէտք չէ խաթարէ փոխադարձ վստահութիւնը»։

«Հայաստանի տարածքին ԵՄ վերհասկողական գործունէութիւնը սկսած է քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան տեղակայմամբ՝ հետեւելով 2022 թուականի հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի մէջ Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Ֆրանսայի ղեկավարներու եւ ԵՄ խորհուրդի նախագահի հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութեան։ Ատրպէյճանը համաձայնած էր այդ գործունէութեան իրականացման՝ ենթադրելով, որ այն կը նպաստէ կարգաւորման գործընթացին։

Չնայած երկամսեայ առաքելութեան յստակ սահմանուած յարաչափերու եւ նպատակներու շուրջ համաձայնութեան բարձր մակարդակին, այն բանէն ետք, երբ ԵՄ անդամ որոշ երկիրներ կողմնակալութիւն ցուցաբերեցին, վերահսկողութեան առաքելութեան գործունէութեան մէջ սկսան նկատուիլ հակասութիւններ Փրակայի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հետ: Այդ, իր հերթին, ազդեց ԵՄ-ի մէջ որոշումներու կայացման գործընթացներու թափանցիկութեան նկատմամբ ընդհանուր վստահութեան վրայ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան գործունէութիւնը «պատրուակ դարձաւ Հայաստանի կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումէն խուսափելու համար»։