image

Ատրպէյճանը պիտի աւելցնէ ռազմական ծախսերը

Ատրպէյճանը պիտի աւելցնէ ռազմական ծախսերը

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները 2023 թուականին պետական պիւտճէէն պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ոլորտներու ֆինանսաւորումը պիտի աւելցնեն 4,6 տոկոսով՝ մինչեւ 5 միլիառ 320,1 միլիոն մանաթ (3 միլիառ 129,5 միլիոն տոլար՝ ընթացիկ փոխարժէքով):

Նման ծախսեր նախատեսուած են Ատրպէյճանի 2023 թուականի պետական պիւտճէի նախագծով, որ ներկայացուած է երկրի Միլլի Մեճլիս (խորհրդարան):

Ընդհանուր առմամբ, յաջորդ տարի կը նախատեսուի պիւտճէի բոլոր ծախսերու 16%-ը յատկացնել պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան։

Պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծախսերու կառուցուածքին մէջ 2023 թուականին պաշտպանութեան ոլորտի կարիքներու համար նախատեսուած է 2 միլիառ 403,4 միլիոն մանաթ, ազգային անվտանգութեան՝ 364,2 միլիոն մանաթ, սահմանային ծառայութեան կարիքներու համար՝ 470,8 միլիոն մանաթ։

Բացի այդ, յաջորդ տարի կը նախատեսուի 2 միլիառ 70 միլիոն մանաթ (1,2 միլիառ տոլար) ուղղել պաշտպանութեան ոլորտի մէջ յատուկ նշանակութեան նախագիծերու եւ գործողութիւններու իրականացման։ Մնացած ծախսերը պիտի օգտագործուին այլ նպատակներով։