Միացեալ Նահանգները կը նախատեսէ վերականգնել Կրինլանտի հարաւը գտնուող Պաղ պատերազմի տարիներու նախկին ռազմակայանը եւ նոր ռազմական ներկայութիւն հաստատել կղզիին արեւելեան ափին. կը հաղորդէ Reuters-ը՝ վկայակոչելով իրավիճակին ծանօթ աղբիւրներ։
Խօսքը հարաւը գտնուող Նարսարսուաքի եւ արեւելքը գտնուող Մեսթերսվիկի մասին է։ Նարսարսուաքի մէջ Միացեալ Նահանգները նախապէս ունեցած է «Պլուի ուեսթ ուան» ռազմակայանը, որ փակուած է 1950-ականներուն։ Անկէ ետք բնակավայրին բնակչութիւնը նուազած է՝ հասնելով քանի մը տասնեակի։
Մեսթերսվիկի մէջ ներկայիս տեղակայուած է Դանիոյ յատուկ նշանակութեան «Սիրիուս» ստորաբաժանման շուներու սահնակներով պարեկային ծառայութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու, Դանիոյ եւ Կրինլանտի միջեւ նոր համաձայնագիրը կը նախատեսուի ստորագրել 22 սեպտեմբերին՝ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջածիրէն ներս։ Համաձայնագրին ամբողջական բնագիրը տակաւին հրապարակուած չէ, իսկ աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ անոր որոշ մանրամասնութիւններ վերջնականապէս պիտի համաձայնեցուին ստորագրման պահուն։
Սպիտակ տունը հրաժարած է մեկնաբանել համաձայնագիրին մանրամասնութիւնները՝ կրկնելով աւելի վաղ տարածած յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ անիկա պիտի նպաստէ Կրինալնտի եւ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան ապահովման։
Դանիոյ իշխանութիւններուն համաձայն՝ համաձայնագիրը կը նախատեսէ Հիւսիսային բեւեռաշրջանի անվտանգութեան հարցերը դիտարկել ՆԱԹՕ-ի շրջածիրէն ներս, այլ ոչ թէ զանոնք ձգել բացառապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Դանիոյ պատասխանատուութեան ներքոյ։
Նոր համաձայնագիրը կը կնքուի այն բանէն ետք, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամիսներ շարունակ յայտարարած է Կրինլանտի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութիւնը ընդլայնելու ցանկութեան մասին։ Դանիան եւ Կրինլանտը, սակայն, ընդգծած են, որ համաձայնագիրը չի նախատեսեր կղզիին ինքնիշխանութեան փոխանցում Միացեալ Նահանգներուն։