44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, մասնաւորապէս, Իլհամ Ալիեւի հռչակած «արեւելեան Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի տնտեսական շրջաններուն մէջ» ճանապարհաշինարարական աշխատանքներ կ'ընթանան:
Լաչինը շրջանցող մայրուղի կը կառուցուի, որուն շինաշխատանքներու ընթացքը ներկայացուցած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները` հրապարակելով լուսանկարներ:
Հրապարակումներուն մէջ կը նշուի, որ Լաչինը շրջանցող մայրուղին պիտի ունենայ 32 քմ երկարութիւն, երթեւեկելի մասին լայնութիւնը, ըստ նախագիծին, 7 մեթր պիտի ըլլայ, ստորգետնեայ մասին լայնութիւնը` 12 մեթր, ճամբեզրերու լայնութիւնը` 5 մեթր:
Ներկայիս բարդ տեղանքով անցնող ճանապարհի երկայնքով մեծածաւալ շինարարական աշխատանքներ կ'ընթանան, արհեստական կցակառոյցներ, ջրահեռացման համակարգեր կը կառուցուին: Այս նպատակով ճանապարհի 22-րդ քիլոմեթրին մէջ կը կառուցուի 139,5 մեթր երկարութեամբ կամուրջ:
Նոր մայրուղիի կառուցումը կը վերահսկուի Ատրպէյճանի ճանապարհներու պետական գործակալութեան կողմէ: