Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, որ նաեւ Ժընեւի ՄԱԿի գրասենեակին մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնն է, հրապարակեց ՄԱԿի մշակութային իրաւունքներու հարցերու յատուկ զեկուցողին Արցախի մշակութային եւ կրօնական նշանակալի վայրերու վիճակին մասին հաղորդագրութիւնը։
ՄԱԿի մշակութային իրաւունքներու հարցերու յատուկ զեկուցողը մտահոգութիւն կը յայտնէ «հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական նշանակալի վայրերուն եւ կեդրոններուն ոչնչացման եւ իւրացման շարունակական գործունէութեան, հայերու ներկայութեան հետքերը ջնջելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան կազմակերպուած վերաիմաստաւորման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ հայերու նկատմամբ խտրականութեան եւ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի միջազգային չափանիշներու խախտմամբ իրականացուող ճնշումներուն վերաբերեալ»:
«Զիս յատկապէս կ՛անհանգստացնեն այն պնդումները, որ մարդոց, յուշարձաններու եւ խորհրդանիշներու վրայ համակցուած յարձակումները, պատմութեան կեղծումը, տեղանուններու ջնջումը եւ հայերու մասին բացասական խօսակցութիւնները կրնան վերածուիլ մշակութային զտումներու», կ՛աւելցնէ զեկուցողը՝ ընդգծոլով, որ Միջազգային դատարանը, Եւրոպական խորհրդարանը եւ Եւրոպայի խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնած են Ատրպէյճանի մէջ զարգացող այն գաղափարախօսութեան վերաբերեալ, որ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը կը փորձեն ներկայացնել իբրեւ «կովկասեան ալպանացիներ»ու (աղուանական) ժառանգութիւն: