27 եւ 28 Յուլիսին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները խախտած են հրադադարի պահպանման ռեժիմը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով, համապատասխանաբար՝ Տօնաշէնի եւ Կարմիր շուկայի, Թաղավարդի հատուածին տեղակայուած Արցախի ՊԲ մարտական դիրքերու ուղղութեամբ։ Այս մասին հաղորդած է Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Հայկական կողմէն տուժածներ չկան։ Միջադէպի վերաբերեալ տեղեկացուած է Արցախի հանրապետութեան մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրախումբի ղեկավարութիւնը։