image

Ատրպէյճանը 2 ուղղութեամբ խախտած է հրադադարի ռեժիմը. Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Ատրպէյճանը 2 ուղղութեամբ խախտած է հրադադարի ռեժիմը. Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւն

5 Յունիսին, ժամը 10:45-էն ժամը 11։00-ն ինկած ժամանակահատուածին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը շփման գիծի արեւելեան եւ հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ խախտած է հրադադարը` կիրառելով հրաձգային զէնք։

Ինչպէս յայտնած է Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, հայկական կողմը կորուստներ չունի։

Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։

5 Յունիսի ժամը 13։00-ի դրութեամբ իրավիճակը շփման գիծին յարաբերականօրէն կայուն է։