5 Յունիսին, ժամը 10:45-էն ժամը 11։00-ն ինկած ժամանակահատուածին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը շփման գիծի արեւելեան եւ հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ խախտած է հրադադարը` կիրառելով հրաձգային զէնք։
Ինչպէս յայտնած է Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, հայկական կողմը կորուստներ չունի։
Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։
5 Յունիսի ժամը 13։00-ի դրութեամբ իրավիճակը շփման գիծին յարաբերականօրէն կայուն է։