Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այցելած է Արցախի` 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած Քարվաճառի ու Քաշաթաղի շրջաններ:
Հասանովը եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը ուսումնասիրած են Քարվաճառի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ տեղակայուած շարք մը մարտական դիրքեր:
Այնուհետեւ ատրպէյճանցի նախարարը ծանօթացած է տուեալ շրջաններու նոր ռազմական կառոյցներուն: