image

Հայ եւ ազերի երիտասարդներ պիտի հանդիպին Փարիզի մէջ

Հայ եւ ազերի երիտասարդներ  պիտի հանդիպին Փարիզի մէջ

Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Զաքարի Կրոս յայտնած է, որ յաջորդ շաբաթ Սթրասպուրկի մէջ պիտի կայանայ խաղաղ գործընթացին մասնակցելու նպատակով ատրպէյճանցի եւ հայ երիտասարդներու ներկայացուցիչներու հանդիպումը:

«Ատրպէյճանի երիտասարդութեան տասը ներկայացուցիչներ Յունիս 6-10 պիտի այցելեն Սթրասպուրկ: Անոնք այնտեղ հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Հայաստանի երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներու հետ: Հիմնական նպատակը մասնակցութիւնն է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացին: Այս նախաձեռնութիւնը քննարկուած է Պրիւքսէլի մէջ եւ համաձայնեցուած է անցեալ տարուայ Դեկտեմբերին կայացած առաջնորդներու հանդիպման ընթացքին», ըսած է դեսպանը: