image

Սուրիոյ եւ Իսրայէլի ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին Պաքուի մէջ․ ԶԼՄ

Սուրիոյ եւ Իսրայէլի ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին Պաքուի մէջ․ ԶԼՄ

Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ ներկայացուցիչներու հանդիպումը: Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այս մասին գրած են միջազգային լրատուամիջոցներ։

Ամերիկեան Axios լրատուական կայքը յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կը փորձէ սեպտեմբերի վերջը Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհի հետ հանդիպում կազմակերպել:

Sky News Arabia-ի թղթակցի հաղորդմամբ՝ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ անվտանգութեան հարցերով հանդիպումը նախատեսուած է յաջորդ հինգշաբթի Պաքուի մէջ։

Այնուամենայնիւ, The Times of Israel-ը հաղորդած է, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ ուրբաթ օր։