Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Զաքարի Կրոս յայտնած է, որ յաջորդ շաբաթ Սթրասպուրկի մէջ պիտի կայանայ խաղաղ գործընթացին մասնակցելու նպատակով ատրպէյճանցի եւ հայ երիտասարդներու ներկայացուցիչներու հանդիպումը:
«Ատրպէյճանի երիտասարդութեան տասը ներկայացուցիչներ Յունիս 6-10 պիտի այցելեն Սթրասպուրկ: Անոնք այնտեղ հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Հայաստանի երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներու հետ: Հիմնական նպատակը մասնակցութիւնն է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացին: Այս նախաձեռնութիւնը քննարկուած է Պրիւքսէլի մէջ եւ համաձայնեցուած է անցեալ տարուայ Դեկտեմբերին կայացած առաջնորդներու հանդիպման ընթացքին», ըսած է դեսպանը: