«Ատրպէյճանի բանակին հրամայուած է միշտ պատրաստ ըլլալ Ղարաբաղի մէջ եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին հայկական զինուած ուժերու հնարաւոր սադրանքներուն անյապաղ եւ վճռական կանխման»: Turan գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Զաքիր Հասանով՝ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ կայացած խորհրդակցութեան ժամանակ։
Խորհրդակցութեան մասնակցած են պաշտպանութեան նախարար՝ Զաքիր Հասանովը, բոլոր զինատեսակներու, ինչպէս նաեւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Արցախի գրաւուած շրջաններուն մէջ տեղակայուած զօրամասերու հրամանատարները։
Ատրպէյճանի ՊՆ տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ խորհրդակցութեան ընթացքին, մասնակիցները «մանրամասնօրէն վերլուծած են հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին եւ Ղարաբաղի մէջ տիրող օփերաթիւ իրավիճակը»։