image

Ատրպէյճանէն պենզին ներկրած երկրորդ ընկերութիւնը փոխկապակցուած է Ալեքսանեաններու հետ. Factor

Ատրպէյճանէն պենզին ներկրած երկրորդ ընկերութիւնը փոխկապակցուած է Ալեքսանեաններու հետ. Factor

Ատրպէյճանէն Հայաստան պենզին ներկրած երկրորդ ընկերութիւնը փոխկապակցուած է յայտնի գործարար Սամուէլ Ալեքսանեանի հետ։

Factor.am-ը պարզած է, որ «Շիշա ուորլդ» ՍՊԸ-ի սեփականատէր Սամուէլ Մկրտչեանը Սամուէլ Ալեքսանեանի կնոջ՝ Շողերինա Մկրտչեանի եղբօր որդին է։ Աւելին՝ Սամուէլ Մկրտչեանը եւ Սամուէլ Ալեքսանեանի ու Շողերինա Մկրտչեանի որդիներէն մէկը՝ Գրիգոր Ալեքսանեանը, գրանցուած են Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի մէջ գտնուող նոյն բնակարանի մէջ։

Ի դէպ, «Շիշա ուորլդ» ընկերութեան գործունէութեան ոլորտը ՊԵԿ-ի մէջ գրանցուած է ոչ թէ վառելիքի վաճառք կամ ներկրում, այլ՝ ծխախոտային արտադրատեսակներու արտադրութիւն։

Աւելի վաղ Factor TV-ն յայտնած էր, որ ընկերութիւնը հիմնադրուած է 2022 թուականի դեկտեմբեր 20-ին։ Միակ բաժնետէրը Սամուէլ Մկրտչեանն է։