Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ներկայացուցած է տեսանիւթ, ուր պարզ հայացքով երեւելի կը դառնայ, թէ ինչպէս Ատրպէյճանեան ուժեր կը մօտենան անզէն եղող հայ զինուորին ու ապա կը ձերբակալեն զինք։
Աւելի ուշ պարզ կը դառնայ, որ զինուորը կը կոչուի Գագիգ Ոսկանեան ( 1983-ի ծնունդ) եւ մինչեւ այս պահը յայտնի չէ պատճառը, թէ ինչ պայմաններու տակ ան յայտնուած է ատրպէյճանցիներու կողմը։
Տարածուած տեսանիւթը նաեւ բոլոր առումներով կը հերքէ աւելի վաղ Պաքուի կողմէ հրապարակ նետուած այն լուրերը, ըստ որոնց հայկական կողմը յատուկ գործողութիւնը մը իրականացուցած է Ատրպէյճանեան ուժերու ուղղութեամբ։