image

Ատրպէյճանական ուժերը երկուքուկէս ժամ կրակած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ․ Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Ատրպէյճանական ուժերը երկուքուկէս ժամ կրակած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ․ Պաշտպանութեան նախարարութիւն

27 նոյեմբերին՝ ժամը 21:00-23:30-ի տեւողութեամբ, Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնէն, հայկական կողմը կորուստներ չունի:

28 նոյեմբերի՝ ժամը 08:00-ի դրութեամբ, իրադրութիւնն առաջնագիծին յարաբերականօրէն կայուն է: