Ատրպէյճանի մէջ կը փոխուի Հայաստանի մէջ գրանցուած փաստաթուղթերու վերականգնման կարգը։ Խօսքը, մասնաւորապէս, անուանումներու մասին է։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ APA-ն, Ատրպէյճանի կառավարութեան որոշման համաձայն՝ Հայաստանի մէջ կազմուած քաղաքացիական կացութեան ակտերու վերականգնման ժամանակ տեղանունները «պիտի գրանցուին՝ նկատի առնելով գիտութիւններու ակադեմիայի յանձնարարականները ատրպէյճանական տեղանուններու համապատասխանութեան վերաբերեալ»։
Որոշման համաձայն, եթէ հնարաւոր չէ ստանալ արտասահմանի մէջ ստացած քաղաքացիական ակտի գրանցման գրառումը կամ տեղեկութիւն այդ մասին, ապա գրանցման բաժինները կամ հիւպատոսական վարչութիւններն այդ ակտը պիտի վերականգնեն եւ տան համապատասխան վկայական։ Գրանցման բաժինները կամ հիւպատոսական վարչութիւնները քաղաքացիական կացութեան ակտի վերականգնման մասին տեղեկութիւնը պիտի ուղարկեն գրանցման մարմին (բացի Հայաստանի Հանրապետութենէն), ուր կայ ակտի նախնական գրանցումը։