image

Ատրպէյճանական կողմն առաջ կը քաշէ որոշակի նախապայմաններ, մենք չենք կիսեր այդ օրակարգը․ Միրզոյեան

Ատրպէյճանական կողմն առաջ կը քաշէ որոշակի նախապայմաններ, մենք չենք կիսեր այդ օրակարգը․ Միրզոյեան

Ատրպէյճանական կողմն առաջ կը քաշէ որոշակի նախապայմաններ, մենք չենք կիսեր այդ օրակարգը։ Այս մասին լեհական TVP World հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին ըսած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։

Նախարարը նշած է, որ Խաղաղութեան պայմանագրի վերջնական ստորագրումէն առաջ գոյութիւն ունին գործընթացներ, որոնք արդէն կ՚ընթանան կամ կրնան ընթանալ մինչեւ ստորագրումը։

«Օրինակ՝ մենք քննարկել ենք միմեանց նկատմամբ աւելի հանդուրժող լինելու հնարաւորութիւնը, կամ նոյնիսկ աւելին՝ միջազգային հարթակներում համագործակցութեան հեռանկարները»,-ըսած է Միրզոյեանը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն անդրադարձած է Ատրպէյճանի հետ տասնամեակներու հակամարտութեան թողած հետեւանքներուն։ Ըստ նախարարի, ծանր բեռ կուտակուած է տարբեր հարթակներու վրայ, փաստաթուղթերու, համաձայնագրերու մէջ, ուր կողմերն ունեցած են վերապահումներ, յատուկ կարծիքներ եւ այլն։

«Տասնամեակներ տեւած հակամարտութիւնը կուտակել է նաեւ ծանր հոգեբանական բեռ։ Երկու կողմերում էլ առկայ է արեան պատմութիւն ու յիշողութիւն։ Կարծում եմ՝ հասարակութիւնների շրջանում, հաւանաբար երկու կողմում էլ, դեռեւս պահպանւում է զգուշաւորութիւն: Հաշտեցման գործընթացը ժամանակ է պահանջելու։ Խաղաղութիւնն, ինչպէս արդէն նշեցի, հաստատուել է, սակայն այն երկուստեք պահանջում է մշտական խնամք եւ ամէնօրեայ ջանք: Այս համատեքստում պէտք է նշեմ, որ ցանկացած կողմի ագրեսիւ հռետորաբանութիւնը որեւէ կերպ չի նպաստում գործընթացին»,- ըսած է Միրզոյեանը։