image

Ատրպէյճան պէտք է հասկնայ, որ եկած է Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ժամը. Ռասմուսէն

Ատրպէյճան պէտք է հասկնայ, որ եկած է Հայաստանի հետ  կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ժամը. Ռասմուսէն

Մեկնարկած է Հայաստան իմ այցը G7-ի եւ Եւրոմիութեան երկիրներու դեսպաններու հետ. այս մասին X-ի էջին գրած է ՆԱԹՕ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսէնը:

«Հայաստանի ժողովրդավար ​​դաշնակիցները պէտք է հասկցնեն Ատրպէյճանին, որ եկած է Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութեան շուրջ համաձայնութեան գալու ժամանակը», - գրած է «Ռասմուսէն կլոպըլ» միջազգային քաղաքական խորհրդատուական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահը:

Ի թիւս պաշտօնական հանդիպումներու, Ֆոկ Ռասմուսենը մարտ 20-ին պիտի այցելէ Իջեւան, ուր նախատեսուած է անոր մամուլի ասուլիսը։