image

Ատրպէյճան կը շտապէ. Պատճա՞ռը. Դիտարկում Վիգէն Յակոբեանէն

Ատրպէյճան կը շտապէ. Պատճա՞ռը. Դիտարկում Վիգէն Յակոբեանէն

Ատրպէյճան կը շտապէ, քանի որ կը դիտուի նոր աշխարհակարգի կազմաւորման կարեւորագոյն փուլերէն մէկը: Այս մասին NEWS.am-ին TALK TIME ծրագրի ծիրէն ներս տուած հարցազրոյցին ըսած է քաղաքական ճարտարագէտ՝ Վիգեն Յակոբեան:

Յակոբեան չէ բացառած, որ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ (որուն կ'աջակցի Արեւմուտքը) միջեւ փաստաթուղթի ստորագրութենէն յետոյ նոր աշխարհակարգի հիմքեր պիտի դրուին:

Յակոբեան նկատել տուած է, որ ոչ ոք կրնայ կանխատեսել, թէ ինչպիսին պիտի ըլլան Ռուսաստանի աշխարհաքաղաքական շահերը:

«Օրինակ, կան Միութենական պետութեան ծրագրեր եւ այլն: Այս ժամանակահատուածում Պաքուն փորձում է առաւելագոյնը վերցնել իրեն: Յայտնի չէ, թէ ինչպէս կը դասաւորուեն Անգարայի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւնները նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման արդիւնքում: Այդ ֆոնին Ատրպէյճանն ու Թուրքիան շտապում են՝ հաշուի առնելով նաեւ Հայաստանում գործող ներկայիս իշխանութեան գործօնը»,- ըսած է Յակոբեան:

Ինչ կը վերաբերի Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու վարքագծին, ապա անոնք, փորձագէտներու գնահատումներով, այնտեղ կը գտնուին ոչ թէ կրակելու համար, այլ պահպանելու այն, ինչ արձանագրուած է թուղթի վրայ:

«Պաքուն ասում է, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներ չպէտք է գոյութիւն ունենան: Խնդիրն այն է, որ փաստաթուղթ է ստորագրուել, որն այնպիսի կէտեր է պարունակում, որոնք անհամապատասխանութիւնների տեղիք են տալիս: Սակայն Փաշինեանն ինքն է ստորագրել այդ փաստաթուղթը, եւ պէտք է պարզաբանել, թէ ինչ է նկատի առնուում «Արցախում հայկական ստորաբաժանումներ» արտայայտութեամբ»:

Այսօր Մոսկուայից դժուար է սպասել աւելին, քան արուել է ՌԴ ՊՆ եւ ԱԳՆ յայտարարութիւնների տեսքով: Վիճայարոյց կէտերը կա՛մ պէտք է վերացուեն, կա՛մ պէտք է պատրաստ լինել նման միջադէպերի: Իսկ պատրաստուել Հայաստանը պարտաւոր էր Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան ստորագրման պահից ի վեր:

Երեւանը չպէտք է դուրս գար Արցախում տեղի ունեցող ընթացակարգերից, այլ պէտք է պահպաներ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի կարգավիճակը: Այժմ Հայաստանը լաւագոյն դէպքում կարող է պատասխանատու համարուել հանրապետութեան ընկերա-տնտեսական դրութեան համար: Այս ամէնը Նոյեմբերի 9-ին եւ Յունուարի 11-ին ստորագրուած յայտարարութիւններից բխող քաղաքական որոշումների արդիւնքն է դարձել: Այժմ արդէն Պաքուն փորձում է Արցախի ՊԲ մնացած ստորաբաժանումների հարցը լուծել ուժային ճանապարհով»,- աւելցուցած է Յակոբեան: