image

Ատրպէյճան Հայաստանէն «պահանջած է» դադրեցնել Երասխի մէջ խոշոր գործարանի կառուցումը

Ատրպէյճան Հայաստանէն «պահանջած է» դադրեցնել Երասխի մէջ խոշոր  գործարանի կառուցումը

Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Հայաստանէն պահանջած է դադրեցնել Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան սահմանակից Երասխի մէջ խոշոր մետաղագործական գործարանի կառուցումը։

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այս մասին ըսուած է Ատրպէյճանի բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարի՝ Հայաստանի շրջակայ միջավայրի նախարարին ուղղուած նամակին մէջ։

Նամակին մէջ ըսուած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պայմանական սահմանէն քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Երասխ գիւղի մօտ իրականացուող աշխատանքները կրնան անդրսահմանային բացասական հետեւանքներ ունենալ. սկսած է համապատասխան ընթացակարգ՝ նախատեսուած «Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատման անդրսահմանային ծիրէն ներս» համաձայնագորով։

Ըստ ատրպէյճանական կողմի՝ համաձայնագրով նախատեսուած է, որ Հայաստանը պարտաւոր է Ատրպէյճանին ծանուցել շրջակայ միջավայրի վրայ նշուած գործունէութեան ազդեցութեան մասին։ Սակայն Ատրպէյճանը Հայաստանէն որեւէ ծանուցում չէ ստացած այս նախագծի վերաբերեալ։

Այժմ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Հայաստանէն պահանջած է անյապաղ դադրեցնել շինարարութիւնը, քանի դեռ նախագիծի անդրսահմանային ազդեցութեան հետ կապուած հարցերը ամբողջութեամբ չեն պարզաբանուած եւ համարժէք դիտարկուած:

Այս հարցի վերաբերեալ համապատասխան ծանուցում ուղարկուած է նաեւ ՄԱԿ-ի Եւրոպայի տնտեսական յանձնաժողովի գործադիր քարտուղարին։