Իրանեան «Irdiplomacy» վերլուծական հարթակը յօդուած հրապարակած «Ատրպէյճան կը պատրաստուի պատերազմի» վերնագրով։
Յօդուածագիրը նշած է, որ Ատրպէյճանի պաշտօնեաներու, մասնաւորապէս Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները շատ տարօրինակ են։ Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները եւրոպացի քաղաքական գործիչներու, մասնաւորապէս Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հանդիպումներու ժամանակ բացայայտօրէն կը յայտարարեն Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի ռեժիմի խախտման եւ հայկական հողերու բռնագրաւման մասին։
Լրատվամիջոցը գրած է, որ, ըստ Կովկասի փորձագէտներու, Ատրպէյճանի վերջին յարձակման նպատակն է ստիպել Հայաստանին միջանցք տրամադրել իր տարածքով, նոյնիսկ նոր պատերազմի գնով։
Յօդուածին մէջ ընդգծուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանմանն ուղղուած Իրանի դիւանագիտական ջանքերը։ Մասնաւորապէս, նշուած է Կապանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնին Մորթեզա Ապետին Վարամինի նշանակումը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հետ հանդիպման Ապետին Վարամինը յոյս յայտնած է, որ Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան գործունէութիւնը պիտի նպաստէ բոլոր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ընդլայնմանն ու խորացման։ Հայաստան իր հերթին բարձր գնահատած է Իրանի դիրքորոշումը եւ խաղաղութեան պահպանմանն ուղղուած ջանքերը։
Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանցի Ատրպէյճան այցին, ուր ան հանդիպած է նախագահ Ալիեւի եւ անոր գործընկեր Զաքիր Հասանովի հետ։ Բացի այդ, Իսրայէլէն պարբերաբար Ատրպէյճան կը թռին ռազմական բեռնատար օդանաւեր։ Նշուած է, որ Պաքուն առաջատարներէն է իսրայէլեան զէնքի եւ անօդաչու թռչող սարքերու գնորդներու շարքին, որոնք կիրառուած են Հայաստանի դէմ 2020 թ. պատերազմի ժամանակ։ Այս ամէնը կը դիտուի որպէս ցուցիչ, որ Ատրպէյճան կը պատրաստուի նոր պատերազմի։
Կայքը անդրադարձած է նաեւ հնդկական լրատուամիջոցներուն, որոնք յայտնած են, որ Հայաստանը Հնդկաստանէն զէնքի մեծ խմբաքանակ գնած է՝ մօտ 245 մլն տոլար արժողութեամբ։